17 Յունիսին, Իտալիոյ՝ Մխիթարեան միաբանութեան տաճարին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Անգլիոյ «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան ամուսնացաւ «Կրանտ Հոլտինկ»-ի սեփականատէրներէն Միքայէլ Վարդանեանի դստեր՝ Պեթի Վարդանեանի հետ:
Պսակադրութեան արարողութեան հրաւիրուած են բազմաթիւ յայտնի մարդիկ: Եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած է պսակադրութեան արարողութիւնը, կը գտնուի Վենետիկի Սուրբ Ղազար պատմական կղզիին մէջ, ուր 1700-ականներէն մինչեւ հիմա գործունէութիւն կը ծաւալեն Մխիթարեան հայրերը:
Միջազգային լրատուական գործակալութիւնները արդէն լուսանկարներ հրապարակած են արարողութենէն: