image
Հրատապ լուրեր:

«Պիտի չմոռնանք ժպիտդ» Անողոք հիւանդութիւնը պատճառ ՝ 24-ամեայ գեղեցկուհիի մահուան

«Պիտի չմոռնանք  ժպիտդ» Անողոք   հիւանդութիւնը  պատճառ ՝ 24-ամեայ   գեղեցկուհիի մահուան

2016  թուականին  «Լիբանանի  գեղեցկուհի»   մրցումին  մասնակցած եւ երրորդ դիրքը գրաւած  Միշէլ Հաժալ    մահացաւ   Պէյրութի մէջ։

Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Ախպար»  պարբերականը նշելով, որ  անցեալ նոյեմբերէն ի վեր  ծանր հիւանդութեամբ բռնուած   24-ամեայ գեղեցկուհին,  երէկ աւանդած է իր հոգին։

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ    խինդով եւ  կեանքի եռանդով լի  գեղեցկուհիին հիւանդութեան լուրէն (2018) անմիջապէս  ետք հազարաւոր լիբանանցիներ մասնակցած էին անոր      բուժման համար ընթացք  առած   դրամահաւաքին ու հաւաքած   740  հազար   ամերիկեան  տոլար։

Աւելի ուշ    Միշէլ մեկնած էր  Միացեալ Նահանգներ՝  անհրաժեշտ  բուժում ստանալու  նպատակով։

Ան նշանուած էր եւ կը նախատեսուէր, որ    Լիբանան  վերադառնալէ ետք ամուսնանար, սակայն    անողոք  հիւանդութիւնը   կտրած էր  երիտասարդուհիին  կեանքին  թելը։

 

Հաժալի մահէն ամմիջապէս ետք  ընկերային ցանցերու հազարաւոր  օգտատէրեր  անդրադարձած էին Միշէլի կորուստին՝   «Մենք  պիտի չմոռնանք  ժպիտդ»  գրառումը կատարելով։