image

Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը ազատուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն

Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը ազատուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանն ազատուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնէն եւ պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Տնօրինութեան համար հիմք ծառայած է Վազգէն Սրբազանի դիմումը:

Մէկ այլ տնօրինութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանը, ազատուելով Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնէն, նշանակուած է Վիրահայոց թեմին մէջ` որպէս առաջնորդական տեղապահ: