image

Լոս Անճելոսի մէջ 7,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է

Լոս Անճելոսի մէջ 7,1  աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է

Այսօր Լոս Անճելոսի մէջ դարձեալ 7,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է։ Այս մասին կը յայտնէ CNBC կայանը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են Երեւանի ժամանակով 7։19-ին: Երկրաշարժի էփիկդրոնը գտնուած է Լոս Անճելոսէն 193 քմ հիւսիս, իսկ օճախը՝ 10 քմ խորութեան վրայ:

Շարք մը շինութիւններ թեթեւակի վնասուած են, հիմքերուն մէջ ճաքեր առաջացած են, որոշ յենասիւներ փլուզուած են: Կը հաղորդուի 1 տուժածի մասին:

Սա վերջին օրերուն այս տարածքին մէջ արդէն երկրորդ երկրաշարժն է: 

Յիշեցնենք, որ երէկ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է: 

Երկրաշարժը բաւական հեռու է հայաբնակ շրջաններէ։