image

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Իսլամը» գիրքի հեղինակին դէմ դատ բացուած է

«Հայոց  Ցեղասպանութիւնը եւ Իսլամը» գիրքի  հեղինակին դէմ դատ  բացուած  է

Թուրքիոյ մէջ դատ բացուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Իսլամը» հատորին հեղինակին դէմ։

Արդարեւ, թուրք քաղաքացի մը Իզմիրի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է հատորի հեղինակ Տենիզ Տղայսպուշի եւ հատորի խմբագիր Էմրէ Աքարի դէմ՝ դատապարտելով գիրքին մէջ գտնուող «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները»:

«Գիրքին մէջ մեր երկիրը եւ ազգային արժէքները նսեմացնող արտայայտութիւններ կան: Կը պահանջեմ, որ անյապաղ անհրաժեշտ իրաւական գործընթացը սկսի նշեալներուն դէմ», -կ՛ըսուի հայցին մէջ:

 

Աղբիւրը ՝  «Ասպարէզ»