ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը մեկնաբանած է ռուսական C-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու մատակարարումը ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիա՝ նշելով, որ Անգարան այլեւս կրնայ չակնկալել ամերիկեան F-35 կործանիչներու ձեռքբերումը, կը գրէ ria.ru-ն:
Ուրբաթ օր, Ռուսաստանը սկսած է զէնիթահրթիռային համակարգերու մատակարարումը։ Ընդհանուր առմամբ 4 օրուան մէջ «Միւրթէտ» օդային խարիսխ ժամանած է 13 օդանաւ՝ C-400-ներու բաղադրիչներով:
ԱՄՆ նախագահը Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ պայմանագիրը «անարդար» անուանած է: Ան յիշեցուցած է, որ Անգարան պատուիրած է հարիւր F-35 կործանիչ։ Ընդ որում՝ Թրամփը յայտարարած է, որ Թուրքիան «չի կարնար աւելին գնել»՝ C-400-ի գործարքի պատճառով։
«Անոնք շատ լուրջ իրավիճակի մէջ յայտնուած են: Մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյնպէս այդպիսի իրավիճակի մէջ յայտնուած ենք: Բայց ընդհանուր առմամբ մենք կ'աշխատինք այդ ուղղութեամբ»,- ըսած է ԱՄՆ առաջնորդը:
Տանըլտ Թրամփի խօսքով՝ Թուրքիան մտադիր եղած է գնել ամերիկեան Patriot համակարգերը, սակայն Պարաք Օպամայի վարչակազմը հրաժարած է վաճառել։
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոէ միջեւ С-400 համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր 2016-ի Նոյեմբերին, իսկ վաճառքի մասին պայմանագիրը կնքուած էր 2017-ի Սեպտեմբերին, ընդ որում՝ ձեռք բերուած զէնիթահրթիռային 4 միաւոր համակարգերու արժէքը 2,5 միլիառ տոլար կազմած է: