image
Հրատապ լուրեր:

Տաւութօղլու նոր կուսակութեան մը մասին խօսեցաւ

Տաւութօղլու նոր կուսակութեան մը մասին խօսեցաւ

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ՝ Ահմէտ Տաւութօղլուն չի բացառեր նոր քաղաքական կուսակցութիւն մը հիմնելու հնարաւորութիւնը, կը գրեն թրքական լրատուամիջոցները:

Տաւութօղլուն նշած է, որ եթէ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հետ իր բանակցութիւնները ապարդիւն աւարտեցան, ստիպուած պիտի ըլլայ նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու:

Թրքական լրատուամիջոցները յայտնած էին տեղեկութիւններ, որ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախարարին պիտի հիմնուի նոր կուսակցութիւն մը, որուն պիտի միանան եւս Ահմէտ Տաւութօղլուն, Ապտալլա Կիւլը եւ Պիւլէնթ Առընճը:

Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, քաղաքական կուսակցութիւն մը հիմնուելու պարագային, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն մօտաւորապէս 40 պատգամաւորներ պիտի միանան նոր կուսակցութեան, լքելով իշխող կուսակցութեան շարքերը: