image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակ լարուածութեան ԱՄՆ-Թուրքիա ռազմափորձերը պիտի շարունակուին

Հակառակ լարուածութեան ԱՄՆ-Թուրքիա ռազմափորձերը պիտի շարունակուին

ԱՄՆ, հակառակ նախապէս կայացուցած որոշման՝ F-35 կործանիչներու վերաբերեալ, կը շարունակէ Թուրքիոյ հետ համատեղ զօրավարժութիւններ իրականացնել՝ Վրաստանի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ, կը գրէ  ria.ru-ն վկայակոչելով Փենթակոնի ղեկավարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Թրախթենպըրկի հաղորդագրութիւնը:

«ԱՄՆը կը շարունակէ Թուրքիոյ հետ համատեղ զօրավարժութիւններ իրագործել՝ նաեւ Վրաստանի, Գերմանիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ» յայտարարծ է Թրախթենպըրկը:

Փենթակոնի ղեկավարի գնումներու հարցերու տեղակալ Լորտ նախապէս յայտնած էր, որ ԱՄՆի գործընկերները միասնական են այն հարցով, որ ռուսական S-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու մատակարարումէն ետք, պէտք է զրկել Թուրքիա F-35 ծրագրէն:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ S-400 համակարգերու գնման բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ բացայայտնուեցաւ նոյեմբեր 2016ին, իսկ պայմանագիրը կնքուած էր սեպտեմբեր 2017ին, ըստ այնմ՝ ձեռք բերուած զէնիթահրթիռային 4 միաւոր համակարգերու արէքը 2,5 միլիառ տոլար էր:

Օրեր առաջ, 12 յուլիսին, ռուսական S-400 համակարգերու առաջին խմբաքանակը մատակարարուեցաւ Թուրքիոյ: Այս առընչութեամբ ԱՄՆի կարգ մը սենադորներ կոչ ուղղած են նախագահ՝ Թրամբին, որ պատժամիջոցներ կիրառէ Թուրքիոյ դէմ:

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, S-400 համակարգերու մատակարարման գործարքը Ռուսաստանի հետ, երկրի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն համաձայնագիրը անուանած է: Ըստ Էրտողանի՝ S-400 համակարգերու մատակարարման գործընթացքը, որ սկսած է 12 յուլիսին, հաւանական է որ աւարտի ապրիլ 2020ին: