image

Ամասիա գիւղին մէջ բուրդի գործարան (Լուսանկար)

Ամասիա գիւղին մէջ բուրդի գործարան (Լուսանկար)

Յուլիս 19-ին Շիրակի Մարզի Ամասիա գիւղին մէջ բացուած է բուրդի գործարան՝  «ԵՄ-ն Շիրակի մարզի համար. նոր աշխատատեղեր` շնորհիւ բուրդի արտադրութեան» ծրագիրով: Բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղան Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքի, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Վաչէ Տէրտէրեան, Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան, Ամասիա համայնքի ղեկավար Ջեմմա Յարութիւնեան, դեսպաններ եւ այլ պաշտօնեաներ:

 «Ուրախ ենք, որ այսօր Ամասիոյ բուրդի գործարանի բացումով պիտի նպաստենք նոր աշխատատեղերու ստեղծման եւ Շիրակի մարզի տնտեսական աճին: ԵՄ-Հայաստան համագործակցութեան թիրախային երեք մարզերէն է Շիրակը: Շնորհակալ ենք մեր գործընկերներուն․․․: Ուրախ պիտի ըլլան յառաջիկային Ամասիոյ մէջ տեսենել կարպետագործութեան, գորգագործութեան եւ գործուածքներու արտադրութեան ծաղկումը»,-իր խօսքին մէջ նշեց ԵՄ դեսպանը:

Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոմիութեան աջակցութեան համար։

 «Մարդը կարիքի մէջ» կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Վարդուհի Դադունց նշեց, որ կանանց ներգրաւումով նոր աշխատատեղերու ստեղծումը հնարաւորութիւն պիտի տայ ստեղծելու եւ պահպանելու մշակութային տարրեր պարունակող ձեռագործ արտադրանք, իսկ աշխատատեղերու ստեղծումով էապէս թեթեւցնելու տասնեակ ընտանիքներու կենցաղային հոգերը։

Պաշտօնական արարողութենէն ետք հիւրերը շրջեցան գործարանի տարածք, ծանօթացան գործարանի աշխատանքերուն եւ սարքերուն: Ծրագիրը պիտի նպաստէ զարգացնելու 14 տեղական

Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններու կարողութիւնները եւ մարզին մէջ ստեղծելու 60 կայուն աշխատատեղ: Այս պահուն, միայն գործարանին մէջ արդէն կ՛աշխատի 16 մարդ: