image

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տօքթ. Աւետիս Տաքէսեան այցելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան   անդամ  Տօքթ.  Աւետիս  Տաքէսեան  այցելած է  Արամ  Ա. Կաթողիկոսին

ՌԱԿ նորընտիր  Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տօքթ.  Աւետիս Տաքէսեան    այցելութիւն մը  տուած է Պիքֆայա  եւ հանդիպում ունեցած  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Այս  մասին տեղեկութիւնը տրուած  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ   պաշտօնական  կայքին  կողմէ։

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու  Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս կուսակցութեան առնչուած հարցերուն մասին: Տօքթ. Տաքէսեան, յանուն ՌԱԿ  Կեդրոնական Վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզած է կուսակցութեան  Երեւանի  մէջ գումարուած   պատգամաւորական ժողովին առած որոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնները: