Սուրիահայեր ՝ Մելգոն Եմենճեան եւ Սանտրա Ճոզիկեան ամուսնանալով հայկական նոր բոյն մը կազմած են Հայաստանի մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք նորապսակ զոյգի հարազատներէն։
Կը նշուի, որ Սուրբ Պսակի խորհուրդը տեղի ունեցած է 27 յուլիսին Երեւանի Քանաքեռ շրջանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Արարողութեան խաչեղբայրութիւնը կատարած է Մայք եւ Զեփիւռ Պասմաճեան ամոլը։
Այս ուրախ առթիւ «Արեւելք» իր բարեմաղթութիւնները կը յղէ մեր թերթի բարեկամներէն հալէպահայ ազգային գործիչ Տիար Խաչիկ Ճոզիկեանին։