image

Հալէպահայ երիտասարդ ընտանիք մը եւս իր տան ճրագը վառեց Հայաստանի մէջ

Հալէպահայ   երիտասարդ ընտանիք մը եւս  իր տան  ճրագը վառեց  Հայաստանի մէջ

Սուրիահայեր  Սերժ Պարտագճեան  եւ   Լալա Երանոսեան  ընտանեկան   բոյն մը  կազմած են։

Պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է Շաբաթ՝ 10 օգոստոսին, Երեւանի Սուրբ Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Նշենք, որ Սերժ Պարտագճեան որդին է հալէպահայ ազգային գործիչ, Կրթասիրած Մշակութեան Միութեան ատենապետ Կարպիս Պարտագճեանին:

«Արեւելք» ի սրտէ կը շնորհաւորէ Պարտագճեան նորապսակ ամոլը՝ մաղթելով անոնց յաւիտենական սէր եւ ամբողջական երջանկութիւն։