image

Հալէպի մէջ մահացած է Եդուարդ Ափոշեանը

Հալէպի  մէջ   մահացած  է  Եդուարդ Ափոշեանը

Ուրբաթ՝ 9 օգոստոսին, Հալէպի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է արմատներով այնթապցի Եդուարդ Աբոշեանը:

   Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

 

1945-ին Հալէպ ծնած Եդուարդ Աբոշեան վաճառական էր, որ սակայն, իր որդիներուն փափաքին անսալով, վերջին տարիներուն հիմնած էր նաեւ ոսկերչութեան աշխատանոց:


Ամուսնացած էր Լուսին Գրիգորեանի հետ եւ ունէր 4 զաւակ՝ Սուրէն, Գրիգոր, Արա եւ Շանթ:

Անոր հարազատներու վկայութեամբ, հանգուցեալը քրիստոնէական հաւատքով, համբերութեամբ եւ համեստութեամբ օժտուած օրինակելի հայր եւ ամուսին էր։  

 Եդուարդ  Ափոշեանի  յուղարկաւորութեան եւ թաղման  արարողութիւնը տեղի  ունեցած է
  շաբաթ 10 օգոստոս 2019-ին, ժամը 1:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: