Գանատահայ բարերար Հրաչ Ճապրայեան, որ այսօր օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան նոր նախաձեռնութեան մը մասին յայտարարած է։
Այս մասին Ճապրայեան յայտնած է իր դիմատետրի էջով նշելով, որ իր զաւակներուն անունով գործող հիմնադրամը որոշած է նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախ հասատատուած կամ հաստատուիլ ուզող սփիւռքահայ ընտանիքներու։
Ճապրայեան իր գրառման տակ նշած է նաեւ #hayrenatarts հաշթէկը, յիշեցնելով, որ իր ծրագիրը կապ ունի վերջերս ընթացք առած եւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնը հանդիսացող «Հայրենադարձ» ծրագրին հետ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրաչ Ճապրայեանի գրառումը ՝
«Սիրելի ընկերներ, ինչպէս խոստացած էի, Նարէ, Մանէ եւ Մոնթէ-Դրօ Ճապրայեաններու հիմնադրամը պիտի օժանդակէ 5 հայրենադարձ ընտանիքներու որ մշտական բնակութիւն կը հաստատեն Շուշիի մէջ...
Մեր առաջին ընտանիքն է Ճոն, Ինգան եւ Ռենը...
Մենք աջակցելու ենք որ այս հրաշալի ընտանիքը չթողնի Արցախը...
եւ այսպէս կը շարունակենք մեր հայրենասիրական ծրագրերը...»