image

Հրաչ Ճապրայեանի նոր նախաձեռնութիւնը ՝ «Պիտի օժանդակեմ Շուշի հաստատուող սփիւռքահայերու»

Հրաչ  Ճապրայեանի նոր նախաձեռնութիւնը  ՝ «Պիտի օժանդակեմ Շուշի   հաստատուող  սփիւռքահայերու»

Գանատահայ   բարերար Հրաչ   Ճապրայեան, որ այսօր օրերուն  կ՚այցելէ  Հայաստան    նոր նախաձեռնութեան  մը    մասին յայտարարած  է։

 Այս մասին Ճապրայեան  յայտնած է իր դիմատետրի  էջով    նշելով, որ իր   զաւակներուն անունով գործող  հիմնադրամը  որոշած է նիւթական  աջակցութիւն   ցուցաբերել  Արցախ  հասատատուած կամ  հաստատուիլ ուզող սփիւռքահայ    ընտանիքներու։

 Ճապրայեան  իր գրառման  տակ   նշած է նաեւ   #hayrenatarts    հաշթէկը,  յիշեցնելով, որ իր ծրագիրը կապ ունի վերջերս ընթացք   առած եւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութիւնը   հանդիսացող «Հայրենադարձ»  ծրագրին հետ։

 

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրաչ  Ճապրայեանի   գրառումը ՝

 «Սիրելի ընկերներ, ինչպէս խոստացած էի, Նարէ, Մանէ եւ Մոնթէ-Դրօ Ճապրայեաններու հիմնադրամը պիտի օժանդակէ 5 հայրենադարձ ընտանիքներու որ մշտական բնակութիւն   կը հաստատեն Շուշիի մէջ...
Մեր առաջին ընտանիքն է Ճոն, Ինգան  եւ Ռենը...
Մենք աջակցելու ենք որ այս հրաշալի ընտանիքը չթողնի Արցախը...
եւ այսպէս կը շարունակենք մեր հայրենասիրական ծրագրերը...»