Քիչ առած պայթում մը լսուած է Լոնտոնի «Սաութհէնտ» օդակայանին մերձ: Այս մասին լուրը տուած է ռուսական RT ծառայութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ պայթումէն ետք հրդեհ մը ծագած օդակայանի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ եւ հրշէջ կառքերը փութացած են դէպքի վայր: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ դէպքին պատճառները յայտնի չեն եւ օդակայանի աշխատանքները կը շարունակուին բնականոն հունով: