Հոլանտայի մէջ զինեալներու կողմէ կատարուած է պատանդառման գործողութիւն մը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ռօյթըրզ» գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է տեղական ռատիօկայանի մը շէնքին մէջ:
Կը փոխանցուի, որ միջադէպին մասին առկայ տեղեկութիւնները շատ սահմանափակ են եւ մինչեւ այս պահը յստակ չեն պատահարին տուն տուող պատճառները:
Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին դէպքը տեղի ունեցած է Հոլանտայի Հիլվըրսամ քաղաքի 3FM ռատիօկայանին մէջ: