Ռուսական Սու-24 տիպի կործանիչ մը ջախջախուած է Սուրիոյ մէջ: Այս մասին լուրը փոխանցեց լիբանանեան MTV կայանը: Աղբիւրը նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է Լաթաքիոյ մերձ գտնուող «Հըմէմին» օդակայանին մէջ եւ օդանաւի վերելք կատարելէն անմիջապէս ետք:
Ըստ նախնական տուեալներու օդանաւին մէջ եղող անձնակազմի բոլոր անդամները զոհուած են եւ դէպքը եղած է թէքնիք խանգարումի մը հետեւանքով:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ եղող ռուսական խարիսխներէն ետք «Հըմէմին» զինուորական օդակայանը կը համարուի կարեւորագոյն զինուորական խարիսխ: