image

Թուրքերը, քիւրտերն ու արաբները բռնագաղթի ճանապարհին յաճախ կ'առևանգէին հայ կիներն ու աղջիկները

Թուրքերը, քիւրտերն ու արաբները բռնագաղթի ճանապարհին յաճախ կ'առևանգէին հայ կիներն ու աղջիկները

Լուսանկարին մէջ Այնթապի բնակչուհի Լիւթֆիէ Պիլէմճեանն է՝ 17 տարեկան: Ան իր ծնողներուն եւ երկու եղբայրներուն հետ բռնագաղթած էր Տէր Զօր: Լիւթֆիէի մայրը զոհուած է երեխաները պաշտպանելու ընթացքին: Անոր հայրը եւ կրտսեր եղբայրը նոյնպէս սպաննուած են, իսկ աւագ եղբայրը անհետացած է: Լիւթֆիէն դարձած է չեչենի սեփականութիւն: Վերջինս ալ անոր վաճառած է քիւրտի մը, որ իր հերթին աղջկան յանձնած է Մահմուտ փաշային՝ մեծահարուստ թուրքի մը, որու տան մէջ Լիւթֆիէն մնացած  է 11 տարի: 



Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին բազմաթիւ հայ կանայք ենթարկուեցան անմարդկային սեռական բռնութիւններու, վաճառուեցան ստրկութեան: Թուրքերը, քիւրտերն ու արաբները բռնագաղթի ճանապարհին հայ գաղթականներու գիշերակացի ժամանակ յաճախ կ'առեւանգէին գեղեցիկ կիները ու աղջիկները: Հարկադրուած իսլամ ընդունած կանանց կու տային նոր՝ թրքական անուններ: Երբեմն, համաձայն տեղի ցեղային աւանդոյթներու, այդ կանանց դէմքին ու մարմնին դաջուածքներ կը կատարէին: Միջին Արեւելքի եւ իսլամական երկիրներուն մէջ դաջուածքները լայնօրէն կ'օգտագործուէին որպէս թալիսման եւ չարխափան. անոնք յաճախ կէտերու կամ խաչերու տեսք ունէին, ցոյց կու տային կանանց ազգային-կրօնական պատկանելութիւնը եւ կը նշէին անոնց կեանքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը:

Ազգերու լիկայի պատուիրակ, ազգութեամբ դանիացի միսիոներուհի Քարէն Եփփէն, համագործակցելով արաբական աշիրէթներու առաջնորդներուն հետ, մինչեւ 1928 թուականը կարողացած է իսլամական գերութենէն ազատել շուրջ 2000 հայ կիներ եւ երեխաներ: 

Անոր ջանքերով 1926 թուականի 18 մայիսին փրկուած է նաեւ Լիւթֆիէն: 

«Նոյեմբեր 27, 1916 թ. Ստրկավաճառ շուկաները... Ճանապարհի երկայնքով, ուրկէ կ'անցնին բռնագաղթեալները, կանանց համար ստեղծուած են ստրկավաճառ շուկաներ, ուր 12-էն 14 տարեկան դեռատի հայուհիի գինը կը տատանուի մօտաւորապէս 8-էն 23 ֆրանքի սահմանին: Տողերուս հեղինակը այս շուկաներէն մէկը տեսած է Դամասկոսի մէջ: 

... Իսլամական աշխարհի այսպէս կոչուած «մտաւորականները»` խոճաները, ուլեմները, քատիներն ու մուֆթիները, կրցած են արագ օգտուիլ այդ հնարաւորութենէն»: 

 

Լոնտոնի մէջ Ֆրանսայի ռազմական կցորդ գնդապետ տը Լա Փանուսը՝ ֆրանսական բանակի գլխաւոր հրամանատար զօրավար Ժոֆրիին 

Լուսանկարի աղբիւրը` Ազգերու լիկայի արխիւ, Ժընեւ