image

Այնթապցի օրիորդներ. Նորաձեւութիւն եւ ասեղնագործութիւն

Այնթապցի օրիորդներ. Նորաձեւութիւն եւ ասեղնագործութիւն

Այնթապցի այս երեք օրիորդներու նկարը մեր օրերը հասած է 19-րդ դարի վերջէն եւ կը գտնուի Արմիկ Փափազեան-Պարսումեանի հաւաքածուիին մէջ (Հալէպ): 

Լուսանկարը տեղ գտած է Հրազդան Թոքմաճեանի «Այնթապի ասեղնագործութիւն» գիրքին մէջ: Գիրքը Այնթապի ասեղնագործութեան պատմութիւնն ու աւանդոյթները ամփոփող հերթական գիրքն է, որու հեղինակը տարիներու աշխատանքի արդիւնքով հրատարակած է Արեւմտեան Հայաստանի հայկական արհեստագործութիւնը ներկայացնող գիրքեր: 

Լուսանկարին մէջ կանայք լուսանկարուած են ասեղնագործ ծածկոցով սեղանի մօտ, իսկ պատին վրայ նոյնպէս ձեռագործ աշխատանքի նմուշ է: Անոնց հագուստները կը կրեն ժամանակի նորաձեւութեան շունչը:

Այնթապի կանայք աչքի ինկած են բարձր ճաշակով եւ աշխատասիրութեամբ: 

 

 

Այնթապի ասեղնագործութեան նմուշ. Ծածկոց, գործ՝ Ռաքէլ Ճէպէճեան-Տէյիրմէնճեան, 49x50 սմ, 1890-ականներ, Այնթապ, Թալին Ճէպէճեանի սեփականութիւն, Հալէպ: