image
Հրատապ լուրեր:

«Վարդը անուշ կը բուրէ».Հայ ուսուցիչը որբերուն հետ դասապահի ժամուն

«Վարդը անուշ  կը բուրէ».Հայ ուսուցիչը որբերուն   հետ դասապահի ժամուն

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած միլիոնաւոր հայ որբ երեխաներ ցիր ու ցան եղան Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու որբանոցներու, գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ, եւ հազարաւոր ուսուցիչներ լծուեցան հայերէնով անոնց կրթութիւն տալու գործին:

1920 թուականին առնուած այս լուսանկարին մէջ հայ ուսուցիչը հայերէն կը դասաւանդէ Հալէպ հանգրուանած հայ որբերուն: «Վարդը անուշ կը բուրէ» գրուած է գրատախտակին վրայ գեղեցիկ ձեռագիրով:

 

Լուսանկարը՝ դանիացի միսիոնար Քարեն Եփփէի ալպոմէն (նկարատետր):