image

Հայերը եւ սրճարանը. Բացօթեայ սրճարան Մուսա Լերան մէջ՝ 1930-ականներուն (Լուսանկարներ)

Հայերը եւ սրճարանը.  Բացօթեայ սրճարան Մուսա Լերան մէջ՝ 1930-ականներուն (Լուսանկարներ)

Տեղեկութիւններ կան, որ աշխարհի առաջին սրճարանը հայերը հիմնած են՝ Վիեննայի մէջ: Հայերը սրճարանային աւանդոյթը տարածած են նաեւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ՝ սրճարաններ բանալով  Լոնտոնի, Պրահայի մէջ... 

Սրճարանային մշակոյթի հանդէպ հայերը սէր ունեցած են նաեւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն: 

Մուսա լերան տարածքին հայերը ունեցած են բացօթեայ սրճարաններ: Լուսանկարին մէջ՝ խումբ մը մուսալեռցիներ՝ բացօթեայ սրճարանի մէջ: 


 


Արեւմտեան Հայաստանի Կիլիկիոյ Պելիանի գաւառակին մէջ գտնուող Պիթիաս գիւղին մէջ 1930-ականներուն գործած է Մովսէս Մախուլեանի բացօթեայ սրճարանը: 

 

 

 

Լուսանկարին մէջ՝ ձախէն աջ՝ Յակոբ Մախուլեան, Մովսէս՝ Քէօշէեան, մնացածը՝ անյայտ: Լուսանկարը՝  Յուշամատեան   հարթակէն: 
(աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածու,  Լոս Անճելոս)